2012-05-13 11:41:31

Կրօնուսուցումի 12-րդ Գիտաժողովի Աշխատանքները Վերջ Գտան` Կրօնագիրքը Անբաժան Մասն Մըն է Նոր Աւետարանութեան։


Կրօնուսուցումի եւրոպական 12-րդ գիտաժողովի աշխատանքները վերջ գտան 10 մայիսին։ Հանդիպումին, նախաձեռնուած Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդէն, իրենց մասնակցութիւնը բերին կրօնուսուցումի Եւրոպայէն 60 պատասխանատուներ։
Ժողովականներու գնահատումով կրօնուսուցումը պարտականութիւնն է ծնողներու ու քրիստոնեայ բոլոր հասարակութեան։ Հետեւաբար կրօնուսուցումը սերտօրէն առընչուած է նոր աւետարանութեան։ Հարկաւոր է կապ հաստատել նոր աւետարանութեան ու հաւատքի աւանդութեան հետ։
Նշենք որ գիտաժողովը գումարուեցաւ վերակոչելու կաթողիկէ եկեղեցւոյ կրօնագիրքի տպագրութեան 20րդ տարեդարձը եւ Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովի աշխատանքներու սկիզբի 50-րդ տարեդարձը` հաւատքի տարուայ հռչակման հեռանկարով։








All the contents on this site are copyrighted ©.